image

Ղարաբաղի Մէջ H1 N1 Ժահրը Դէպի Նուազում

Ղարաբաղի Մէջ H1 N1 Ժահրը Դէպի Նուազում

ԼՂՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ամպուլաթոր, տնային եւ շտապօգնութեան կանչերու թիւը չէ աւելցած: Չնայած իրավիճակի կայունութեան, այնուամենայնիւ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ աշխատիլ արտակարգ ռէժիմով, նախարարութեան պաշտօնեաներն ամէն օր կ'այցելեն Ստեփանակերտի բժշկական հաստատութիւններ, մասնագէտներու կողմէ կը շարունակուին ամենօրեայ մշտադիտարկումները, բակային համայցերը: Այսպէս` 2016թ. Յունուար 19-ի դրութեամբ հանրապետութեան ստացիոնարներուն մէջ բուժում կը ստանան 108 հիւանդ, որոնցմէ 45-ը մինչեւ 18 տարեկան: Բուժում ստացողներէն 63 հիւանդի մօտ ախտորոշուած է թոքաբորբ, որոնցմէ 14 -ը մինչեւ 18 տարեկան: Հիւանդներու վիճակը կը գնահատուի բաւարար: Վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ բուժում կը ստանան 2 հիւանդ, բժիշկները անոնց վիճակը կը գնահատեն՝ միջին ծանրութիւն: