Գերմանիա վերջին 4.5 ամսուան մէջ 11 անգամ մերժած է թրքական կառավարութեան յայտերը գերմանական սպառազինութիւն գնելու վերաբերեալ:
Խօսքը մասնաւորապէս հրաձգային զէնքին եւ ատոր փամփուշտներուն մասին է:
2010 թուականէն մինչ 2016-ի կէսերը մերժուած էր 8 համանման յայտ: Այս մասին կը յայտնէ «Süddeutsche Zeitung» պարբերականը` յղում ընելով խորհրդարանին ներկայացուած դաշնային կառավարութեան տուեալներուն:
«Ատիկա առաջին եւ ճիշդ քայլն է»,-մեկնաբանած է իրավիճակը Ձախ կուսակցութեան պատգամաւոր Եան վան Ակեն: «Իսկ յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ այն, որ Թուրքիան ընդհանրապէս զէնք չստանայ Գերմանիայէն»,-ըսած է ան թերթին: Ինչպէս կը գրէ պարբերականը` Գերմանիոյ մէջ անհանգստացած են Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակին առնչութեամբ, որ զգալիօրէն վատացած է անցած ամրան տեղի ունեցած յեղաշրջման անյաջող փորձէն ետք:
«Դաշնային հանրապետութիւնը չի ցանկար, որպէսզի անվտանգութեան ուժերը կիրառեն գերմանական սպառազինութիւն` սեփական քաղաքացիական բնակչութեան դէմ ճնշումներ իրագործելու համար»,- «Արցախբրէս»-ի հաղորդմամբ՝ կը գրէ թերթը: