Պոլսոյ մէջ, օրերս, Ս. Խաչ լիսէի տարեվերջի մշակութային եւ գեղարուեստական հանդիսութիւնը համախմբած է աշակերտներ, ծնողներ ու նախկին շրջանաւարտներ՝ ներկայացնելով վարժարանի ակումբներու տարուան աշխատանքը։ Թատրոնի, ասմունքի, երգչախումբի եւ պարի տպաւորիչ ելոյթներով սաները հանդիսատեսին պարգեւեցին յուզիչ ու յիշարժան երեկոյ մը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
12 Յունիս Ուրբաթ երեկոյեան, Ս. Խաչ լիսէի երդիքին ներքեւ սարքուեցաւ մշակութային ու գեղարուեստական սիրուն հանդէս մը, որուն իրենց խուռներամ մասնակցութիւնը բերին ծնողներ ու նախկին շրջանաւարտներ։
Տարեվերջի այս հանդիսութեան, ուր կը ցուցադրուէին ակումբներու գործունէութիւնները, մէկտեղուած էին թատրոնը, ասմունքը, երգչախումբն ու պարը։ Դպրեվանքցի սաները իրենց տպաւորիչ կատարումներով անմոռանալի պահեր պարգեւեցին ներկաներուն։
Ձեռնարկի բացումը կատարեցին թատերական ակումբի աշակերտները՝ Թարա Տէմիրճիօղլուի բեմադրութեամբ։ Երիտասարդ տաղանդները մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցին «Կորուստ» թատերախաղը. անոնք գրեթէ կեանք տուին իրենց դերերուն՝ ցուցաբերելով բեմական կատարողութիւն եւ արժանանալով սրահը լեցնող հիւրերու ջերմ ծափահարութիւններուն։
Թատերական ներկայացումէն ետք, տեղի ունեցաւ սիրոյ նիւթով յատուկ ասմունքի յայտագիր մը, որ պատրաստուած էր՝ Թաթիա Մարաշլեանի, Սիւզան Աւճըի եւ Պարգեւ Սամուէլեանի կողմէ։ Այս բաժնին մէջ, ուր բառերը զգացումներու թարգման կը դառնային, Ալիս Եօլուսէվէրի դաշնամուրի կախարդական մեղեդիներուն ընկերակցեցան Նելլի Իւնսալն ու Լիա Փորթաքալեանը՝ իրենց երգեցողութեամբ։ Բանաստեղծութեան եւ երաժշտութեան կատարեալ ներդաշնակութիւնը սրահէն ներս ստեղծեց յուզիչ ու հաճելի մթնոլորտ մը։
Յայտագրի ընթացքին բեմ բարձրացաւ վարժարանի երգչախումբը՝ Սէրտա Թաշճեանի ղեկավարութեամբ։ Աշակերտները յաջողութեամբ ու ներդաշնակութեամբ հնչեցուցին հայկական ժողովրդական երգեր։
Այս հաճելի յայտագիրը իր գագաթնակէտին հասաւ Յակոբ Կիւլէչի ղեկավարած պարախումբի աշակերտներու ելոյթով։ Աշակերտներու կայտառ ու շարժուն պարերը արժանացան հանդիսատեսներու մեծ հիացումին։
Աւարտին, աշակերտները իրենց յաջողութիւնն ու կապուածութիւնը պսակեցին վարժարանի քայլերգով, որ միահամուռ ուժերով հնչեց։