Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 25 մայիսին ընդունած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը՝ գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի գլխաւորութեամբ:
Զրուցակիցները քննարկած են կազմակերպութեան կողմէ Արցախի մէջ տարբեր բարեգործական ծրագրերու իրականացման եւ Արցախ-Սփիւռք կապերու խորացման վերաբերող հարցեր: