image

Թրամփ յայտարարած է Իրանի հետ ընթացող «բանակցութիւններու» մասին

Թրամփ յայտարարած է Իրանի հետ ընթացող «բանակցութիւններու» մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն «լաւ բանակցութիւններ» կը վարէ Թեհրանի հետ, եւ հակամարտութեան շուրջ համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւն կայ։ Ինչպէս կը հաղորդէ  Reuters լրատուական գործակալութիւնը, Թրամփ միեւնոյն ժամանակ զգուշացուցած է, որ ամերիկեան հարուածները կրնան վերսկսիլ, եթէ բանակցութիւնները արդիւնք չտան։

«Մենք լաւ բանակցութիւններ կ՚ունենանք։ Կը կարծեմ, որ լաւ հնարաւորութիւն կայ, որ բան մը յաջողի։ Եթէ ստացուի՝ լաւ, իսկ եթէ ոչ, դարձեալ պիտի ընենք այն, ինչ կ՚ընէինք երկու օր առաջ», ըսած է ԱՄՆ-ի նախագահը Միշիկընի մէջ տեղի ունեցած նախընտրական հանրահաւաքին ընթացքին։

Թրամփ աւելցուցած է, որ Իրանը «հնարաւոր չէ կաշառել», այլ անհրաժեշտ է «յաղթել» անոր։

«Մենք պիտի ջախջախենք զանոնք։ Բայց տեսնենք, թէ ինչ կ՚ըլլայ։ Այս պահուն շատ բարեկամական բանակցութիւններ կը շարունակուին», -նշած է ան։

Յուլիս 27-ին Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էսմայիլ Պաղայի յայտարարած էր, որ Իրանը Միացեալ Նահանգներէն բանակցութիւններ չէ խնդրած, եւ այդ մասին տարածուած լուրերը կեղծ են։ Այդուհանդերձ, դիւանագէտին համաձայն, երկու կողմերուն միջեւ հաղորդագրութիւններու փոխանակումը կը շարունակուի միջնորդ երկիրներու միջոցաւ։