image

Հայկ Կոնջորեանի եղբայրը ծեծի ենթարկելու դէպքով 5 անձի դէմ քրէական հետապնդում

Հայկ Կոնջորեանի եղբայրը ծեծի ենթարկելու դէպքով  5 անձի  դէմ  քրէական  հետապնդում

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանի եղբայրը՝ Աւետ Կոնջորեանը ծեծի ենթարկելու դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս 5 անձի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 195-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 5-րդ կէտով (ֆիզիքական ներգործութիւնը, որ կատարուած է խումբ մը անձանց կողմէ):

Այս մասին տեղեկացուցած է Քննչական կոմիտէի մամուլի քարտուղար Կիմա Աւդալեանը։

Անոնցմէ 2-ի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է բացակայելու արգելքը եւ գրաւը:

Աւելի վաղ լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ միջադէպը տեղի ունեցած է Աբովեան քաղաքին մէջ՝ Աւետ Կոնջորեանի բնակութեան շէնքի շքամուտքի մօտ։ Համացանցի մէջ տարածուած է նաեւ միջադէպը պատկերող տեսանիւթ։

ՆԳ նախարարի մամուլի քարտուղար Նարեկ Սարգսեանը լրատուամիջոցներուն յայտնած էր, որ յուլիս 25-ին ժամը 14։00-ին, ոստիկանութիւնը հաղորդում ստացած է մարմնական վնասուածք ստացած քաղաքացիի վերաբերեալ։

Քննչական կոմիտէէն ալ յայտնած էին, որ դէպքի առթիւ Կոտայքի մարզային քննչական վարչութենէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ խումբ մը անձանց կողմէ ֆիզիքական ներգործութեան եւ խուլիգանութեան յատկանիշներով։ Երկու անձ ձերբակալուած էր։