image

Ֆրանսիս Պապ ընդունեց Գերպ. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեանը

Ֆրանսիս Պապ ընդունեց Գերպ. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեանը

Օրերս Ֆրանսիս Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Պոլսոյ հայ կաթողիկէ թեմի վիճակաւոր եւ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական  պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանը, ընկերակցութեամբ Ս. Ղազարու Մայրավանքի պատասխանատու փոխանորդ Համազասպ վրդ. Քէշիշեանի:

Սրբզ. քահանայապետը, գերպ. Զէքիեանի հետ առանձնազրոյցին ընթացքին, մօտէն հետաքրքրուեցաւ Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ համայնքին եւ Մխիթարեան միաբանութեան հարցերով, ինչպէս նաեւ Արցախի պատերազմէն եւ զինադադարէն յառաջագայող ներկայ իրավիճակով:

Լեւոն Արք. սրբազանը քահանայապետին ներկայացուց համայնքին ներկայ քանակին, իրաւական եւ հովուական կազմակերպութեան մասին տեղեկութիւններ: Ան բնութագրեց միաբանութեան ներկայ վիճակը եւ հարցերը ու անդրադարձաւ միաբանութեան ընդհանուր թիւին համեմատութեամբ նորընծայ եւ ուխտեալ կոչումներու յուսադրիչ աճին: Ան սրբազան քահանայապետին յանձնեց Ծառայ Աստուծոյ՝ Մխիթար Աբբահօր պատկերը եւ տեղեկութիւն տուաւ անցեալ 8 Սեպտեմբերին պաշտօնապէս վերաբացուած երանացուցման դատին ընթացքին մասին:

Սրբազան քահանայապետը գոհունակութեամբ ընդունեց դատի յառաջացման լուրը, իր օրհնութիւնը տալով եւ բարի աշխատանք մաղթելով  դատի պաշտօնակատարներուն: Արցախի առնչութեամբ գերպ. Զէքիեան կանգ առաւ յատկապէս այս եւ նման ազգամիջեան հարցերու նկատմամբ իրաւական արդար լուծումի մը կարիքին, անտուն մնացած եւ ցրուած արցախցի ժողովուրդին օգնութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի հայ քրիստոնեայ յուշարձաններուն պահպանման հարցերուն վրայ: Սրբազան քահանայապետը իր խոր սրտակցութիւնը յայտնեց  հայ ժողովուրդին:

Կէս ժամ տեւած ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանսիս պապը իր մասնաւոր օրհնութիւնը շնորհեց Մխիթարեան միաբանութեան, Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ հօտին, բովանդակ հայութեան եւ յատկապէս Արցախի վշտակիր ժողովուրդին: