Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան կը նախազգուշացնէ ընդդիմադիր ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող սուրիական Իտլիպ քաղաքի մէջ հնարաւոր մարդասիրական աղէտի մասին, նկատի ունենալով, որ ան կրնայ սուրիական բանակի յաջորդ թիրախը դառնալ: Այս մասին կը գրէ «Lebanon 24»ը:
Լը Տրիան «Le Journal du Dimanche» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է, որ «Իտլիպի բնակչութիւնը այժմ 2 միլիոն կը կազմէ, որոնցմէ հարիւր հազարաւորներ ազատ արձակուած էին ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուղ շրջաններէն, Սուրիոյ կառավարութեան այդ շրջաններուն վերատիրացոմէն ետք», աւելցնելով, որ «Իտլիպի ճակատագիրը պէտք է որոշուի քաղաքական գործընթացի միջոցաւ, որ կը ներառէ միլիցներու զինաթափումը»: