image

«Այո հնարաւոր է պահել Խորհրդային Միութիւնը» Միխայէլ Կորպաչով

«Այո հնարաւոր է  պահել Խորհրդային Միութիւնը» Միխայէլ Կորպաչով

Խորհրդային Միութեան առաջին եւ վերջին նախագահ՝ Միխայէլ Կորպաչով այսօր եղած է 90 տարեկան: Այս առթիւ ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին, նախկին նախագահը խօսած է իր կեանքի հիմնական գործին, ԽՍՀՄ-ը պահպանելու հնարաւորութիւններու եւ փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան մասին:

Անդրադառնալով ԽՍՀՄ-ը պահպանելու հնարաւորութեան՝ Կորպաչով ըսած է, որ այն կարելի էր պահպանել, պարզապէս հանրապետութիւններուն աւելի լայն իրաւունքներ եւ իրական ինքնիշխանութիւն պէտք էր տրուիլ։

«Մէկ անգամ չէ, որ ըսած եմ, որ ԽՍՀՄ-ը հնարաւոր էր պահպանել: Ի հարկէ թարմացած, բարեփոխուած, հանրապետութիւններուն աւելի լայն իրաւունքներ եւ իրական ինքնիշխանութիւն տուող: Այժմ գրեթէ 30 տարի է, ինչ գոյութիւն ունին անկախ պետութիւնները: Կայ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը: Այս կազմակերպութիւնները պէտք է ամրապնդուին: Եւ պէտք է ընել ամէն ինչ յարաբերութիւնները վերականգնելու համար այն պետութիւններուն հետ, որոնց հետ այժմ տարաձայնութիւններ ունինք: Մեզի նման ծրագիր պէտք է », – ըսած է Կորպաչով։