image

Ֆրանսացի բոլոր ճիհատիստները պէտք է Սուրիա եւ Իրաք մնան. Մարին Լը Փեն

Ֆրանսացի բոլոր ճիհատիստները պէտք է Սուրիա եւ Իրաք մնան. Մարին Լը Փեն

Ֆրանսացի քաղաքական գործիչ Մարին Լը Փեն  կոչ ուղղած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման շարքերուն պայքարած ֆրանսացի ահաբեկիչները պահել Իրաքի բանտերուն մէջ, անգամ մահապատիժի ենթարկել զանոնք, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:


Ֆրանսական «Ֆրանս 2» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Լը Փէն նշած է. «Բոլոր այն ֆրանսացի ճիհատիստները, որոնք Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած են, պէտք է բանտերուն մէջ մնան, անգամ եթէ իրաքեան իրաւասու մարմիններն անոնց դէմ մահապատիժի վճիռ կայացնեն»:


Վերջինս անդրադարձած է նաեւ Ֆրանսան Եւրոմիութենէն դուրս բերելու թեմային, նշելով, որ ԵՄ-ի կազմին մէջ մնալը չի բխիր Ֆրանսայի շահերէն: