image

Ֆրանսա Դէմ Է, Որ Քրտական PKK-ն Հանուի Եւրոպայի Ահաբեկչկան Ցուցակէն

Ֆրանսա  Դէմ  Է,   Որ  Քրտական   PKK-ն Հանուի Եւրոպայի Ահաբեկչկան   Ցուցակէն

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)  Ֆրանսա   կտրականապէս դէմ է, որ քրտական PKK      զինեալ  խմբաւորումի անունը հանուի Եւրոպական Միութեան ահաբեկչական  խմբաւորումներու ցուցակէն: Այս մասին  գրած է թրքական   «Տէյլի Սապահ»ը: Թերթը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ  սոյն տեղեկութիւնը ստացած է  Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի  բանբեր    Րոմէն Նատալէն:   Ֆրանսացի դիւանագէտը նաեւ ըսած է, որ մասնաւորապէս անցեալ յուլիսէն ի վեր PKK -ն ահաբեկչական   գործողութիւններ կը կատարէ   Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեեան քաղաքներուն մէջ,  եւ այդ մէկը      ոչ միայն մտահոգիչ  այլ նաեւ դատապարտելի է:  Նշենք, որ  փորթուգալցի  քաղաքական գործիչ Աննա  Կոմէս Եւրոպական Միութեան     մօտ  դիմում ներկայացուցած էր, որ քրտական PKK  զինեալ խմբաւորման անունը հանուի ահաբեկչական խմբաւորումներու  ցուցակէն: