Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) Ֆրանսա կտրականապէս դէմ է, որ քրտական PKK զինեալ խմբաւորումի անունը հանուի Եւրոպական Միութեան ահաբեկչական խմբաւորումներու ցուցակէն: Այս մասին գրած է թրքական «Տէյլի Սապահ»ը: Թերթը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ սոյն տեղեկութիւնը ստացած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Րոմէն Նատալէն: Ֆրանսացի դիւանագէտը նաեւ ըսած է, որ մասնաւորապէս անցեալ յուլիսէն ի վեր PKK -ն ահաբեկչական գործողութիւններ կը կատարէ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեեան քաղաքներուն մէջ, եւ այդ մէկը ոչ միայն մտահոգիչ այլ նաեւ դատապարտելի է: Նշենք, որ փորթուգալցի քաղաքական գործիչ Աննա Կոմէս Եւրոպական Միութեան մօտ դիմում ներկայացուցած էր, որ քրտական PKK զինեալ խմբաւորման անունը հանուի ահաբեկչական խմբաւորումներու ցուցակէն: