Տորթմունտի մէջ աւարտած ազատ ոճի ըմբշամարտի Մ21 Եւրոպայի առաջնութեան վերջին գօտեմարտի մէջ հայ հսկայ, 125 քկ քաշային Լիովա Գէորգեանը 11-0 հաշուով ջախջախեց ատրպէյճանցի Այտին Ախմատովին եւ հռչակուեցաւ ախոյեան:
Լիովան փայլուն հանդէս եկաւ այս մրցաշարին եւ տարաւ չորս յաղթանակ: Յիշեցնենք, որ կիսաեզրափակչում ան 10-2 հաշուով յաղթած էր ռուսաստանցի Արսամագ Զասէեւին:
Լիովան 5-րդ մետալը նուաճեց մեր հաւաքականի համար: Մինչ այդ մեր տղաները նուաճած էին երկուական արծաթէ եւ պրոնզէ մետալներ: