image

Ֆրանչիսկոս Պապը Հարաւային Սուտանի ժողովուրդին սովէն փրկելու համար շօշափելի ջանքեր գործադրելու կոչ ըրած է

Ֆրանչիսկոս Պապը Հարաւային Սուտանի ժողովուրդին սովէն փրկելու համար շօշափելի ջանքեր գործադրելու կոչ ըրած է

Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը այսօր կոչ ըրած է՝ շօշափելի մարդասիրական օգնութիւն հասցնել սովի սպառնալիքի տակ գտնուող հարաւային Սուտանի շրջաններուն:

Հռոմի Պապը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ հանրային հանդիպման ժամանակ ըսած է. «Այսօր իւրաքանչիւրիս ջանքերը այս ուղղութեամբ շատ անհրաժեշտ է, քան երբեւէ, որպէսզի հարցը խօսքի սահմաններու մէջ չմնայ եւ շօշափելի սննդային օգնութիւն հասնի սովէ տարապող ժողովուրդին»: Ան աւելացուցած է. «Հարաւային Սուտանէն հասած անհանգստացնող լուրերը մտահոգութիւն կը պատճառէ մեզ», -ընդգծելով, որ «պարենային սուր ճգնաժամը կու գայ աւելնալու եղբայրական պայքարին, եւ  մահուան կը դատապարտէ միլիոնաւոր մարդոց, այդ թուին` մեծ թիւով երեխաներու»:

Նշենք, որ Հարաւային Սուտանի Հանրապետութեան նախագահ Սալվա Քիր երէկ մարդասիրական մարմիններուն խոստացած էր  «առանց սահմանափակումներու» մատչելի դարձնել  սովէն տուժած ժողովուրդի օգնութիւն հասցնելը: