image

«Ֆայլաք Ալ-Ռահման»ը «մտադիր» է Իտլիպ անցնիլ

«Ֆայլաք Ալ-Ռահման»ը «մտադիր» է Իտլիպ անցնիլ

«Ֆայլաք Ալ-Ռահման» խմբաւորման հրամանատար, ընդդիմադիր գործիչ Ապտուլ Նասեր Շամիրը Սուրիոյ բանակէն խնդրած է, որպէսզի թոյլ տան խմբաւորման զինեալներուն դուրս գալ Արեւելեան Ղութայէն անցնելու համար Իտլիպ: Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնած է «Ալ-Ժատիտ»  կայանը:

 

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Շամիր խնդրած է «հանդիպիլ սուրիական բանակին հետ` վերջiնիս Այն-Թարմայի մէջ արձանագրած մեծ ձեռքբերումէն եւ զգալի առաջընթացէն ետք»:

 

Պատերազմական գործողութիւններուն հետեւող ԶԼՄ-ները հաղորդած են, որ «Ֆայլաք Ալ-Ռահման» ահաբեկչական խմբաւորումը Ղութայի կեդրոնական հատուածին մէջ (Արպին, Զամալքա, Այն Թարմա, Հազզէ եւ Ճաուպար) գիշերուան ժամը 12:00-էն սկսեալ հրադադար յայտարարած է, բանակցելու համար Արեւելեան Ղութայէն դէպի Դամասկոս դուրս գալու շուրջ: