Իսրայէլի գաղտնի ծառայութեանց նախարար Յիզրայէլ Քաաթց յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսած է, թէ եթէ Լիբանանի դէմ պատերազմ սկիզբ առնէ, ապա Իսրայէլեան ուժերը պիտի չբաւարարուին միայն «Հըզպալլա»ի կեդրոնատեղիները հարուածելով, այլ »պիտի հարուածենք ամբողջ Լիբանանը»:
Քաաթց այս յայտարարութիւնը կատարած է առ ի պատասխան «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի օրեր առաջ արտասանած ճառին:
Յիշեցնենք, որ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած խօսք մը արտասանեց 2006 թուականին Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ շղթազերծուած եւ օր տեւած պատերազմի 11-րդ տարեդարձին առթիւ, երբ «Հըզպալլա» հակառակ իսրայէլեան բանակի կարողութիւններուն յաջողեցաւ դիմադրել եւ յաղթական դուրս գալ այդ պատերազմէն: