«Եթէ կարիք ըլլայ պիտի հարուածենք Պէյրութ»ը յայտարարած է իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Կազի Այզընքոթը: Իսրայէլացի զօրավարը, որ հարցազրոյց մը տուած է սէուտական «Իյլաֆ» պարբերականին նշած է, որ եթէ հարկը զգացուի ապա Իսրայէլ պատրաստ է ծանր հարուած տալ Լիբանանին: «Մեր տալիք հարուածը նպատակ պիտի ունենայ հիմնայատակ կերպով քանդել «Հըզպալլա»ի բոլոր դիրքերը»,- նկատել տուած է ան նշելով, որ հարուածին հետեւանքով Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ ըլլալիք քանդումը աննախընթաց պիտի ըլլայ:
Այզընքոթ նաեւ նշած է, որ իրենք եւ սէուտցիները նոյն կեցուածքները ունին ինչ կը վերաբերի Իրանին:
Ան նաեւ բացայայտած է, որ վերջերս Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլման իշխանը հանդիպումներ ունեցած է իսրայէլացի մէկէ աւելի զինուորական պատասխանատուներու հետ:
Աւարտին Այզընքոթ կոչ ուղղած է իսրայէլեան մամուլի ներկայացուցիչներուն «Հըզպալլա»ի եւ անոր ունեցած հրթիռային համակարգին վերաբերեալ «անտեղի» վախեր չունենալ նշելով, որ Իսրայէլ պատրաստ է «Հըզպալլա»ն հարուածել որեւէ պահու: