Շաբաթ 24 մարտին, ԱՄՆ-ի փողոցներուն մէջ երիտասարդներու կողմէ հրահրուած ցոյցեր սկսած են՝ զէնք կրելու իրաւունքի օրէնքին դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը, նշելով, որ ցոյցին պատճառ դարձած էր անցեալ ամիս Ֆլորիտայի դպրոցներէն մէկուն մէջ արիւնալի կրակոցները, որոնց զոհ գացած էին շարք մը աշակերտներ:
Աղբիւրի համաձայն, հակառակ անբարենպաստ օդին, տարբեր նահանգներէ Ուաշինկթըն հասած էին հարիւր հազարաւոր ցուցարարներ, պահանջելու համար զէնք կրելու օրէնքի վերատեսութեան ենթարկելը:
Ցոյցի ժամանակ Մարթին Լութըր Քիկի 9-ամեայ թոռնուհին՝ Եոլանտա Ռընէհ Քինկը եւս խօսած էր նոյն այն վայրէն, ուրկէ 1963-ին իր մեծ հայրը նշանաւոր «Ես երազ ունիմ» ճառը արտասանած եւ կոչ ըրած էր վերջ տալ ԱՄՆ-ի մէջ ցեղապաշտութեան:
Եոլանտա Քինկ ըսած է. «Մեծ հայրս երազ մը ունէր, որ իր 4 երեխաները իրենց մաշկի գոյնին հիման վրայ չդատուին, այլ իրենց անձնաւորութեան», աւելցնելով, «Ես ալ երազ ունիմ այսօր: Վերջ կը նշանակէ վերջ: Այս աշխարհը պէտք է ամէն տեսակի զէնքէ զերծ աշխատհ մը ըլլայ այլեւս»: