Հայ քաղաքական-հասարակական գործիչները, դերասաններն ու երաժիշտները ֆեյսպուքի իրենց էջերուն վրայ լուսանկարներով արշաւ սկսած են ընդդէմ գոյքահարկի բարձրացման օրէնքին։
Սա մեզի ժառանգութիւն հասած անշարժ գոյքի օտարման նոր «ձեւ» է։ Մտածեցէք ձեր երեխաներու ապագայի մասին։
Ես բնիկ եմ եւ սա իմ քաղաքն է»։
Հրանդ Թոխատեանի գրառմամբ ֆեյսպուքեան իր էջին բաժնեկցած է նաեւ Կարէն Քոչարեանը, ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանը, լրագրող, հեռուստամեկնաբան Արտեոմ Երկանեանը, երաժիշտ Վահան Արծրունին, լրագրող Մարք Գրիգորեանը, բժիշկ Նունէ Ներսիսեանը եւ երաժիշտ Վազգէն Ասատրեանը:
Ընկերային ցանցերու վրայ գոյքահարկի բարձրացման դէմ արշաւին միացած են նաեւ բազմաթիւ քաղաքացիներ։
Յիշեցնենք, որ 24 յունիսին Ազգային ժողովը արտահերթ նիստին առաջին ընթերցմամբ ընդունած է հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծը, որով կ'առաջարկուի քատասթրային արժէքներու հիման վրայ անշարժ գոյքի գծով հարկային պարտաւորութիւններու հաշուարկման համակարգէն անցում կատարել շուկայական արժէքներուն մօտարկուած արժէքներու հիման վրայ անշարժ գոյքի հարկի հաշուարկման համակարգին:
Կ'առաջարկուի սահմանել գոյքի հարկով հարկման պազայի նոր սանդղակներ, իսկ որոշ գոյքային միաւորներու համար՝ նաեւ նոր դրոյքաչափեր, վերացնել բնակարաններու եւ բնակելի տուներու մասով սահմանուած չհարկուող շեմերը՝ բնակարաններու մասով մինչեւ 10 մլն դրամ, բնակելի տուներու մասով մինչեւ 7 մլն դրամ գնահատուած արժէք ունեցող գոյքային միաւորներու համար սահմանելով 0,05 տոկոս հարկման դրոյքաչափ: