Յատուկ ՝ «Արեւելք»ին
Յուլիս ամսուան սկիզբը Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ նոր օրակարգ մը աւելցաւ:
Ռամատան ամսուան վերջին օրերուն, Քիլիսի մէջ, սուրիացի գաղթականներուն հետ ընթրիքի մը ընթացքին, երկրի նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են սուրիացի գաղթականներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն տալ: «Սուիրացի մեր եղբայրներուն մէջ Թուրքիոյ քաղաքացի ըլլալու ցանկութիւն ունեցողներ կան: Այս կարելիութեան համար ամէն աջակցութիւն պիտի տանք անոնց»,- յայտնեց ան, նշելով, որ ներիքին գործոց նախարարութեան մէջ ստեղծուած յատուկ գրասենեակ մը սկսած է այս հարցով զբաղիլ:
Քաղաքացիութեան դիմելու եւ ընդունուելու պայմանները տակաւին յստակ չեն: Էրտողանի եւ անոր մօտ շրջանակի յայտարարութիւններուն մէջ կը կրկնուի, որ այս ծրագիրը պիտի ընդգրկէ «բարձրագոյն ուսման տէր այն սուրիացիները, որոնք զինեալ բախումներուն չեն մասնակցած եւ նախապէս չեն դատապարտուած»:
Էրտողանի այս յայտարարութիւնը անարձագանգ չմնաց:
Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան (MHP) նախագահ Տէվլէթ Պահչէլի այս քայլին կտրուկ դէմ ըլլալով յիշեցուց, որ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւնը նախագահին քմահաճոյքին ձգուած տիտղոս չէ: Ազգայնամոլական գաղափարախօսութեան հաւատարիմ մնալով ան ըսաւ. « Հայրենիքը թուրք է, քաղաքացին թուրք է, ապագայն թուրք է: Թրքութեան ապագային դիմաց պատնէշ դնողը պէտք է զգուշանայ»:
Խորհրդարանակն գլխաւոր ընդդիմադիր ոյժի, Ժողովուրդի Հարնապետական Կուսակցութեան (CHP) ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլու յիշեցուց, որ «Սուրիան վերակառուցման կարիք ունի եւ փոխանակ գաղթականներուն քաղաքացիութիւն եւ աժան բնակարան տալու, աւելի լաւ կ՛ըլլայ եթէ այդ երկիրի մէջ քանդուած տուները վերականգնենք»: 12 Յուլիսին, Խորհրդարանական խմբաւորման ժողովի ընթացքին խօսելով, Քըլըչտարօղլու առաջարկեց, որ այս հարցի մասին հանրաքուէ կազմակերպուի:
Հանրաքուէի նոյն առաջարկը ըրաւ նաեւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավար Կուսակցութաեն (HDP) համանախագահ Սէլահէտտին Տէմիրթաշ: Ան ընդգծեց, որ Էրտողանի իշխանութիւնը երկիրի իսկական հարցերը թաքցնելու, ուշադրութիւնը շեղելու համար նման արհեստական հարցեր կը ստեղծեն: «Սուրիացիները քաղաքացի պիտի ընենք, աժան բնակարաններ պիտի յատկացնենք կ՛ըսէ: Աս ի՞նչ է: Անտեղի օրակարգերով հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու, ժողովուրդը անճարութեան մատնելու քաղաքականութիւն է»,- ըսած է Տէմիրթաշ:
ՄԱԿ-ի Գաղթականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակին համաձայն՝ Յուլիս 2016-ին, Թուրքիոյ մէջ ժամանակաւոր կայք հաստատած են
2,733,850 սուրիացի փախստականներ, որոնց համար այս երկիրը ՄԱԿ-էն եւ նուիրատու երիկիրներէն 8 միլիառ տոլար օժանդակութիւն ստացած է եւ կը շարունակէ ստանալ:
Որքա՞ն ճշգրիտ է այս թիւը: Բնականաբար կարելի չէ ստուգել: Կ՛ըսուի, որ հիւրընկալ երկիրները այլազան պատճառներով իրենց մօտ ապաստանողներու թիւը բարձր ցոյց կու տան: Միւս կողմէն, ոչ բոլոր սուրիացիները «գաղթական»ի կարգավիճակ ստացած են: Հետեւաբար, Թուրքիոյ նախագահը կը խօսի մօտաւորապէս 2,5 միլիոն սուրիացիներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութեան առիթ տալու մասին:
Յայտարարութեան յաջորդող օրերուն կատարուած հարցախոյզները հետաքրքրական պատկեր կը ներկայացնեն:
Ընդդիմութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզներու մասնակիցներուն աւելի քան %85-ը Էրտողանի առաջարկին դէմ արտայայտուած են: Դէմ են նոյնիսկ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան (AKP) անդամները: Եթէ այս տուեալները ճիշդ են, ապա՝ հանրաքուէն այս առաջարկը կրնայ թաղել:
Մինչ ընդդիմութիւնը տարբեր հարցախոյզներու թիւերը կը վկայակոչէ, փոխ վարչապետ Նուրէտտին Չանըքլը համոզուած է, որ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը այս առաջարկին համամիտ է եւ հանրաքուէի կարիք չկայ: Չանըքլը բացատրած է, որ որոշումը հիմնուած է Թուրքիոյ տնտեսական կարիքներու առաջնահերթութիւններուն վրայ: Ան յայտնած է, որ սուրիացիներուն բնակարանային նպաստներ պիտի տրամադրուին: Այս հանգամանգը բնակարան գնելու կարողութիւն չունեցող թուրքերուն բողոքին պատճառ կը դառնայ:
Թուրքերու մեծամասնութիւնը սուրիացիներուն հանդէպ բարեհամբոյր չէ: Գաղթակայաններուն եւ տարբեր քաղաքներուն մէջ սուրիացիներուն դէմ բռնութիւններու լուրերուն գրեթէ ամէն օր կը հանդիպինք: Գործազրկութիւնը եւ ահաբեկիչներու ներթափանցման հաւանականութիւնը աւելի կը շեշտեն ժողովուրդի անհանդուրժողութիւնը:
Մեծաթիւ սուրիացիներուն քաղաքացիութեան դուռ բանալու այս քայլի քաղաքական երեսին տակաւին շատ քիչեր կ՛անդրադառնան՝ զայն համարելով նախընտրական ճարպիկ քայլ, որուն միջոցաւ Էրտողան կը պատրաստուի նախագահական յաջորդ ընտրութիւններուն:
Չեմ կրնար միւս հաւանականութիւններուն մասին չմտածել.
- Թուրքիոյ քաղաքացի դարձած սուրիացիները ապագային Սուրիոյ մէջ քուէարկելու իրաւունք պիտի՞ ունենան:
- Այս քայլով Թուրքիա ինչպիսի՞ ճնշում կ՛ուզէ բանեցնել Եւրոպական Միութեան եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի վրայ:
Թեմայի քննարկումը կը շարունակուի:
Մարի Մերտխանեան-Եարալեան