Թուրքիա- («Էվրէնսէլ»- Պոլիս) Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին մօտիկ գործարար մը քրտամէտ HDP կուսակցութեան համանախագահ Սալահէլտին Տէմիրթաշին համար գլխագին դրած է: Նշենք, որ գործարարը կը կոչուի Էյհան Պապուշչու, որ իր Twitter-եան հաշիւով գրառում մը կատարելով հարց տուած է, թէ արդեօ՞ք 1 միլիոն տոլարի գումարը բաւական է Տէմիրթաշի գլուխին փոխարէն: Պապուշչու Թուրքիոյ մէջ հռչակ ունեցող «Օսմանօղլուլարի» ընկերութեան հիմնական բաժնետէրերէն մէկն է, եւ ընկերութիւնը կը համարուի Էրտողանի տնտեսական կարեւորագոյն լծակներէն մին: Նշենք, որ Պապուշչուի Twitt-ին մասին գրած է թրքական Evrensel պարբերականի կայքը: