Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու երէկ ծանր մեղադրանքներ ուղղած է Թուրքիոյ նախագահի հասցէին: Այս մասին կը հաղորդէ «Հաարթէց» պարբերականը, նշելով, որ Նաթանիահու մեղադրած է Էրտողանը ահաբեկչական երկրի մը ղեկավարը ըլլալու մէջ:
Ան ըսած է, «ինչպէս կրնայ մէկը արժէքներու եւ բարոյականութեան անունով խօսիլ, երբ կը կը սպաննէ քիւրտերը, բռնագրաւած է հիւսիսային Կիպրոսը եւ ջարդ կատարեց Աֆրինի մէջ»:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան աւելի վաղ մեղադրանքներ հնչեցուցած էր Նաթանիահույի դէմ, զայն նկատել ահաբեկիչ մը եւ առարկելով, որ «մենք ահաբեկիչներուն դէմ կը պայքարինք եւ քու հոգդ չէ, որովհետեւ դուն ահաբեկչական երկրի մը առաջնորդն ես»:
Յիշեցնենք, որ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւնները կապ ունին Կազայի սահմանային հատուածներուն վրայ Իսրայէլ-պաղեստինեան բախումներուն հետ: