Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ, Լիբանանեան խորհրդարանի անդամ, երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան ողջունած է «Իսլամական համագործակցութեան երկիրներ»ու կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած կեցուածքը, որով ան մերժած էր դառնալ Արցախեան հակամարտութեան հարցով Ազրպէյճանի դիրքորոշումներուն կողմնակալը: Գալփաքեան հաղորդագրութեամբ մը հաստատած է, որ նշեալ հակամարտութիւնը կրօնական բնոյթ չունի, այլ հիմնուած է սեփական հողի պաշտպանութեան, Արցախի անկախութեան եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքի պահպանման սկզբունքներուն վրայ: Հայազգի երեսփոխանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Թամմամ Սալամին՝ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միասնական պահանջքները նկատի առնելուն եւ լիբանանահայերու զգացումները յարգելուն համար: