image

Երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան Ողջունած Է Լիբանանի Վարչապետին Հայանպաստ Կեցուածքը

Երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան Ողջունած  Է Լիբանանի Վարչապետին Հայանպաստ Կեցուածքը

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ,  Լիբանանեան խորհրդարանի անդամ,  երեսփոխան  Սեպուհ Գալփաքեան ողջունած է  «Իսլամական  համագործակցութեան երկիրներ»ու կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած կեցուածքը, որով ան մերժած էր դառնալ Արցախեան հակամարտութեան հարցով Ազրպէյճանի դիրքորոշումներուն կողմնակալը:  Գալփաքեան հաղորդագրութեամբ մը հաստատած է, որ նշեալ հակամարտութիւնը կրօնական բնոյթ չունի, այլ հիմնուած է սեփական հողի պաշտպանութեան, Արցախի անկախութեան եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքի պահպանման սկզբունքներուն վրայ: Հայազգի երեսփոխանը  նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Թամմամ Սալամին՝ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միասնական պահանջքները նկատի առնելուն եւ լիբանանահայերու զգացումները յարգելուն համար: