image

Երէկ ուշ երեկոյեան ազատ արձակուած «ԿԱՄՔ»ի անդամներ, դարձեալ բերման ենթարկուած են

Երէկ ուշ  երեկոյեան  ազատ արձակուած  «ԿԱՄՔ»ի  անդամներ,  դարձեալ բերման ենթարկուած են

ՀՀ Երեւանի   Ոստիկանութիւնը     այս առաւօտ    կրկին   բերման ենթարկած է   «ԿԱՄՔ»  նախաձեռնութեան     համակարգող, հասարակական գործիչ՝ Վահագն  Չախալեանն ու   նախաձեռնութեան անդամներէն ՝  Արամ Խանզատեանը։

Այս  մասին   «Արեւելք»ին  յայտնեցին   «ԿԱՄՔ»ի մօտիկ կանգնած  աղբիւրներ։

Մինչեւ այս   պահը  յստակ չէ,   թէ ինչ   պատճառով     բերման կ՚ենթարկուին  «ԿԱՄՔ»ի  անդամները։

Յիշեցնենք, որ    երէկ նոյնպէս  ոստիկանութիւնը նման   քայլ  կատարած էր ու    Չախալեանին ու անոր հետ եղող   «ԿԱՄՔ»ի  մի քանի  անդամներուն բերման ենթարկած էր։

«ԿԱՄՔ»ի  անդամները    ինչպէս  երէկ, այսօր եւս   նպատակ ունէին հետեւելու  իրենց անդամներէն  եւ աւելի  վաղ     ձերբակալուած    Արթուր Ալեքսանեանի հարցաքննութեան։