Սուրբ Զատկուան Պատարագի ընթացքին իր տուած պատգամի աւարտին Կիլիկեան Աթոռի Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յուզումնախառն աչքերով հետեւեցաւ Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ գտնուող միաբան հայրերուն կողմէ երգուած «Կիլիկիա» երգին, ինչպէս նաեւ Վեհափառ հայրապետին արեւշատութիւն եւ երկար աւուր մաղթող երգին։
Պահն անշուշտ ուշադրութենէն չէ վրիպած Սուրբ Պատարագը նկարահանողներուն, որոնք «որսացած» են աննախընթաց պահը եւ նկարահանած Վեհափառ Հայրապետի արցունքախառն աչքերը։
Տեղին է յիշել, որ Արամ Ա.
Կաթողիկոսի գահակալութիւնէն ու նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիաս փոխադրուելէն ի վեր առաջին անգամն է, որ Սուրբ Զատկուան Սրբազան Պատարագին հաւատացեալներ հեռու կը մնան կրօնական արարողութիւններէ։
Օրուան խորհուրդը, ստեղծուած իրավիճակները եւ ապագայի հանդէպ մեծ հարցադրումներն են հաւանաբար, որ մեծ յուզում առթած են Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ բաւականին առինքնող եւ քրիոստոնէափայլ յոյս արծարծող քարոզէն ետք ապրած է մեծ յուզումի այդ պահերը։
Ապահով ենք, որ այս ժամանակները պիտի անցնին, եւ մարդկային մեծ փորձութեան մշուշոտ օրերէն ետք, անգամ մը եւս հորիզոնին վրայ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի փառքը հիւսելու ուժն ու եռանդը եւս պիտի յաղթանակեն։