Արեւելեան Ղութայի մէջ կռուող Սուրիոյ բանակի զինուորները մեծ ոգեւորութիւն կ'ապրին, այն բանի համար, որ երկար բացակայութենէ եւ կարօտէ ետք, առիթը պիտի ունենան իրենց մայրերուն հետ հանդիպելու: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Ժատիտ»:
«Ղութան աւարտած է, քեզի կը վերադառնամ մայրիկ», նախադասութիւնը Արեւելեան Ղութայի պատերէն մէկուն վրայ գրած է սուրիացի զինուրներէն մէկը:
Անոնցմէ մէկը խօսելով «Ալ-Ահըտ» կայքին ըսած է. «Մենք սուրիական բանակի զինուորներն ենք՝ Աստծոյ մարդիկը գետնի վրայ. ազատագրեցինք Ղութան ամբողջութեամբ եւ ուրախութիւնս մեծ է, որ մօրս պիտ տեսնեմ այսքան կարօտէ եւ երկար բացակայութենէ ետք»:
Ուրիշ մը պատմած է. «Եօթ տարիներէ ի վեր չեմ տեսած իմ ընտանիքը, ծառայեցի Իտլիպի մէջ, հոնկէ տեղափոխուեցանք Լաթաքիոյ ծայրամաս եւ վերջապէս, եօթ տարի անց հանդիպեցայ մօրս»: