image
Հրատապ լուրեր:

Եօթ անձեր ձերբակալուած են՝ Լոնտոնի ահաբեկչութեան հարցով

Եօթ անձեր ձերբակալուած են՝ Լոնտոնի ահաբեկչութեան հարցով

Լոնտոնի մէջ, Մեծ Բրիտանիոյ ոստիկանութիւնը 22 մարտին խորհրդարանի շէնքի մօտ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն ետք 7 մարդ ձերբակալած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ»։

 


Կը նշուի, որ Hyundai 4x4 մեքենան, որով ահաբեկիչը միտումնաւոր վրաերթի ենթարկած էր 2 հոգու, վարձուած է այն փողոցէն, ուր իր տունը կը գտնուի:


Յիշեցնենք, որ  երէկ, Լոնտոնի մէջ, խորհրդարանի շէնքի մօտ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերու թիւը հասած է 5-ի՝ ներառեալ ահաբեկիչը, իսկ վիրաւորներու թիւը՝ 40-ի:


Յարձակողը Ուէսթմանսթըր կամուրջի վրայ միտումնաւոր մեքենայի տակ ձգած էր 2 հոգի, եւ դանակով, փորձած էր ներխուժել խորհրդարանի շէնք: Ան դանակահարած էր ոստիկանին, ինչէն ետք իրաւապահները կրակ բացած են ահաբեկիչի վրայ եւ սպանած: 

 

Ոստիկանութեան նախնական տուեալներով՝ ահաբեկիչը գործած է առանձին: Իրաւապահները կրցած են գիտնալ անոր ինքնութիւնը, այժմ փորձեր կը կատարուին գտնելու յանցակիցները: