Որոշուած է վաճառել՝ hանգուցեալ երգի աստղ Էլվիս Փրէսլիի սեփականութիւնը եղած օդանաւը, որ այժմ «National Geographic» հեռուստակայանի վրայ աճուրդի հանուած է, շուրջ 30 տարի ամերիկեան Նիւ Մէքսիքօ նահանգի օդակայանի թռիչքուղիին վրայ կանգնած մնալէ ետք:
Այս մասին կը տեղեկացնէ «skynewsarabia» կայքը, նշելով, որ աճուրդի հանուած՝ 1962-ի մոտել, «Lockheed Jetstar» մակնիշի կարմիր այս օդանաւը, մէկն է, այն տասնեանկ օդանաւներէն, որոնք սեփականութիւնը եղած են Rock and Roll–ի թագաւորին: Անոր մէջ շարժիչներ չկան եւ ղեկավարութեան խցիկի բաժինը վերանորոգման կարիք ունի: Էլվիս անոր ներսի բաժինը ձեւաւորած էր կարմիր թաւշեայ նստատեղերով եւ երկար կարմիր գորգով:
Աճուրդը կազմակերպող կայքը նշած է, որ օդանաւը պատկանած է Էլվիսին եւ անոր հօր՝ Վէրնըն Փրէսլիին, գրելով, որ «Այս օդանաւը կրնայ ամբողջութեամբ նորոգուիլ եւ ցուցադրութեան դրուած է, որպէսզի հետաքրքրուողները գան եւ տեսնեն»: