image

Մեծ հրդեհ Հերացի հիւանդանոցին մէջ. 11 հիւանդներ տարհանուած

Մեծ հրդեհ Հերացի հիւանդանոցին  մէջ. 11 հիւանդներ տարհանուած

16 Ապրիլին, ժամը 06:24-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ հրդեհ բռնկած է Երեւանի Աբովեան փողոցի մէջ գտնուող «Հերացի» թիւ 1 հիւանդանոցային համալիրի 3-րդ յարկին մէջ։

Հայաստանի ԱԻՆ-էն յայտնած են, որ հրդեհի բարդութեան «Թիւ 2» կանչով դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն վեց մարտական հաշուարկ, Հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի հերթապահ խումբը։

Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է հիւանդանոցի 2-րդ յարկի հիւանդասենեակներէն մէկուն մէջ։

Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 06։34-ին, մարած՝ 06։43-ին։ Մասամբ այրած են երկու ներքնակ (մօտ 2 քմ) եւ երկու պահարան։ Այրուածքներ ստացած են հիւանդ Ս․ Ա․-ն (ծնած 1980 թ․) եւ բժիշկ Մ․ Հ․-ն։

Մինչ փրկարարներու կանչի վայր հասնիլը, տեղի ուժերով տարահանուած է 11 հիւանդ։