image
Հրատապ լուրեր:

ԵԱՀԿ Մինսքեան խումբի ներկայացուցիչներ Ղարաբաղ պիտի այցելեն

ԵԱՀԿ Մինսքեան խումբի ներկայացուցիչներ Ղարաբաղ պիտի այցելեն

ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու այցը Ղարաբաղ ծրագրուած է:

«ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու այցը Լեռնային Ղարաբաղ ծրագրուած է, ուղեւորութեան ամսաթիւերը դեռ յայտնի չեն, մանրամասները ներկայ պահուն կը համաձայնեցուին կողմերու հետ»,- ըսած է Զախարովան՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին:  

Նշենք, որ ճեպազրոյցի ընթացքին դիւանագէտը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի կանոնաւոր կայունացման հասնելու առումով առաջնային է տուժածներուն եւ կարիքաւորներուն համալիր մարդասիրական աջակցութեան ծրագիրը: