ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնդրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), 28 Մայիսին յայտարարութիւն տարածած են Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման եւ Հայաստանի տարածք Ատրպէյճանի ներխուժման հետեւանքով ստեղծուած սահմանային իրավիճակի վերաբերեալ:
Համանախագահներն ընդգծած են գերիներուն միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան վերաբերելու պարտաւորութիւնը: Անոնք խստօրէն յորդորած են կողմերուն անյապաղ վերացնել Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական հասանելիութեան բոլոր սահմանափակումները, ինչպէս նաեւ կոչ ըրած են կողմերուն կեանքի կոչել բոլոր յանձնառութիւնները, որոնք ստանձնած են 9 Նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեամբ:
Համանախագահները մտահոգութիւն յայտնած են հայ-ատրպէյճանական՝ սահմանազատման չենթարկուած սահմանին գրանցուած միջադէպերու առնչութեամբ: Անընդունելի է ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը՝ սահմանային վեճերը լուծելու հարցում: Կոչ կ'ընենք երկու կողմերուն ձեռնարկել հրատապ քայլեր, այդ շարքին եւ վերատեղակայել զինուած ուժերը՝ իրադրութեան լարուածութիւնը թուլացնելու եւ բանակցութիւններ սկսելու համար՝ սահմանին խաղաղ ճանապարհով սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնելու համար: Համանախագահները պատրաստ են աջակցիլ գործընթացի դիւրացման»,- ըսուած է համանախագահներու յայտարարութեան մէջ:
Կարեւորելով տարածաշրջանի ժողովուրդներու կայուն, խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագան՝ անոնք յորդորած են կողմերուն հնարաւոր ամենավաղ ժամկէտներուն մէջ գործել համանախագահներու հովանիի ներքոյ: