image

ԵԱՀԿ դիտարկում իրականցուած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին

ԵԱՀԿ դիտարկում իրականցուած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն 28 մարտին, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը հրադադարի ռեժիմի ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին՝ Մարտակերտի շրջանի Սեյսուլան գիւղէն դէպի հիւսիս-արեւմուտք ինկած հատուածին մէջ:

Ինչպէս կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնական Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա) եւ անձնական օգնական Սայմոն Թիլըրը (Մեծ Բրիտանիա):


Սահմանի հակառակ կողմէն դիտարկում իրականացուցած են ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ դաշտային օգնականներ Օկնէն Եովիչը (Պոսնիա եւ Հերցեկովինա) եւ Կենատիէ Փեթրիքան (Մոլտովա):

Դիտարկումը իրականացուած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի:

Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները: