Չորեքշաբթի օր, ոսկիի պահանջը աճելով մօտեցած է իր 8 տարի առաջուայ գագաթնակէտին: «Քորոնա» ժահրի համաճարակի մտավախութիւններուն մէջ, ոսկին կը նկատուի «ապահով ապաստան»ը համաշխարհային տնտեսութեան:
Ոսկիի սակը 0,2 % բարձրանալով հասած է 1783,52 տոլարի մէկ ունկի (օնս) դիմաց:
Ըստ I.G.Markets-ի տնտեսագէտ Քէյլ Ռուտային, «Ոսկին կը մնայ գերիշխող փոխարինողը արժեթուղթերուն կամ ընդհանրապէս ուրիշ միջոցներուն: Ներկայիս, հիմնական գործօնը, որ այս ուղղութեամբ կը մղէ տնտեսութիւնը, ապագայի նկատմամբ անորոշութիւնն է:» ըսած է ան։
Քայլ շարունակած է, «Երբ գնաճը անցաւ ակնկալուածէն, շուկան կարծեց թէ քաղաքականութիւն մշակողները պիտի կրնան խթանել տնտեսութիւնները ու սատարել նիւթական իրավիճակին»:
Միացեալ Նահանգներու մէջ, վերջին օրերու «Քորոնա» ժահրի վարակի տարածումի աճին հետ, յօդս ցնդած են տնտեսութեան արագ վերականգնումի յոյսերը, հետեւաբար մարդիկ սկսան դիմել «ապահով ապաստան»ներուն:
Այլ թանկարժէք մետաղներու կողմէն,բլաթինոմը նուազած է 0,7% տոկոսով եւ հասած 1915,90 տոլարի մէկ ունկի դիմաց. Բ լաթինի գինը աճած է 1%տոկոսով եւ հասած 824,54 տոլարի, իսկ արծաթի գիները աճած են 0,6% տոկոսով հասնելով մինչեւ 18,24 տոլարի: