image

Ձիւնհալի տակ մնացած զինուոր Նուէր Շահպազեան տան միակ երիտասարդն էր

Ձիւնհալի տակ մնացած զինուոր Նուէր Շահպազեան տան միակ երիտասարդն էր

Սիւնիքի մարզի N զօրամասի պահպանութեան տեղամասին մէջ 7 փետրուարին ձնահիւսի տակ մահացած պայմանագրային երեք զինծառայողներէն 24-ամեայ Նուէր Շահպազեանը տան միակ զաւակն էր, թողած էր մատուցողի իր գործն ու պայմանագրային ծառայութեան անցած Զինուած ուժերու մէջ: Այս մասին NEWS.am-ին պատմած է Նուէր Շահպազեանի քեռին։

«Խելօք ու մարդկային երիտասարդ էր։ Մինչեւ պայմանագրային զինծառայող դառնալը եղած է ճաշարանի մէջ մատուցող․ երբեք որեւէ բողոք չեն ստացած: Որոշած էր, որ մատուցող պիտի չաշխատի ամբողջ կեանքը, պիտի երթար ու ծառայէր հայրենիքին ու այսպէս եղաւ։ Այսպէս եղաւ ու այն ալ ինքը, որ տան միակ զաւակն էր, մահացաւ»,- պատմած է Նուէրի քեռին:

NEWS.am-ը կապ հաստատեց նաեւ Քաշաթաղի Զինկոմիսարիատի հետ, ուր պատմեցին, որ ձնահիւսի տակ մնացած միւս զինծառայողը՝ Կարապետ Նազարեանը, ընտանիքի հետ 2000 թուականին տեղափոխուած էր Քաշաթաղ, այլ մանրամասներ չեն յայտնած։

Նշենք, որ ողբերգական դէպքը տեղի ունեցած էր դիրքերէն զօրամաս երթալու ճանապարհին։

Ձեռնարկուած որոնողական-փրկարարական աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած են ձիւնահիւսի տակ մնացած պայմանագրային զինծառայողներ, շարքային Կարապետ Սեդրակի Նազարեանի (1991-ի ծնունդ), կրտսեր քսանապետ Տիգրան Արմէնի Արզումանեանի (1994-ի ծնունդ) եւ կրտսեր քսանապետ Նուեր Տիգրանի Շահբազեանի (1995-ի ծնունդ) դիերը:

Պայմանագրային զինծառայող, շարքային Համլէթ Գրենիկի Միրզոյեանը (1998-ի ծնունդ) հնարաւոր եղած է դուրս հանել ձիւնահիւսին տակէն: Յայտնաբերուած զինծառայողը ստացած է մարմնական թեթեւ վնասուածքներ, առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար:

Դէպքի հանգամանքները պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն: