Շաբաթ օր Ռիատի մէջ եղած ձերբակալութիւններէն ետք ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամմէտ Պըն Սըլմանի իշխանի եւ ձերբակալեալ միլառատէր Ուալիտ Պըն Թալալի հետ առնուած լուսանկարը:
Նկարը, ինչպէս յստակ կ'երեւի, առնուած է նուազագոյն 10 տարիներ առաջ, Իշխանի պատանեկութեան տարիներուն:Նկարը տարածող օգտատէրեր հեգնական ոճով մեկնաբանութիւններ ըրած են գրելով, թէ «Ամէն անգամ որ ձեր կեանքէն յոգնիք եւ յուսահատիք, յիշեցէք, որ այս նկարի աջ կողմը կանգնածը երէկ նկարի մէջ երեւցող բոլոր միւներուն ձերբակալեց եւ անոնց դրամական ունեցուածքը իւրացուց»:

Յիշեցնենք, որ երէկ Սէուտական արաբիոյ թագաւորութեան եւ յատկապէս գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլման իշխանին տնօրինութեամբ կաշառակերութեան դէմ ընթացք առած պայքարի մը ծիրէն ներս 11 իշխան 4 նախարար եւ տասնեակ նախկին նախարարներ կալանաւորուեցան, որոնց շարքին էր նաեւ աշխարհառչակ միլիառատէր Ուալիտ Պըն Թալալ իշխանը:
Լուրը ՝ Only Lebanon կայքէն: