Լիբանանեան Սայտա քաղաքի «Այն Ալ Հըլուէ» պաղեստինեան գաղթակայանի պաղեստինեան ուժերը լիբանանեան բանակի անվտանգութեան եւ հետախուզական մարմիններուն յանձնած են Խալէտ Մըսատը, որ ծանօթ է Խալէտ Ալ Սայյէտ անունով:
Ըստ լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանին, Խալէտ Ալ Սայյէտի դէմ ահաբեկչական խմբաւորում ղեկավարելու մեղադրանք առաջադրուած է եւ այդ յանցախումբը կը պատրաստուէր անցնող յունիս (Ռամատան) ամսուան ընթացքին Պէյրութի եւ Սայտայի մէջ կը ծրագրէր ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել:
Փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ահաբեկիչը ձերբակալելու եւ լիբանանեան իրաւասու մարմիներուն յանձնելու գործն իրականացուած է «Համաս»ի եւ «Ալ Անսար Ալ Իսլամի»ի նախաձեռնութեամբ, նպատակ ունենալով գաղթակայանի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանել:
