image

Ձերբակալուած է Պէյրութի եւ Սայտայի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրող ՝ Խալէտ Ալ Սայէտը

Ձերբակալուած է Պէյրութի եւ Սայտայի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրող ՝ Խալէտ Ալ Սայէտը

Լիբանանեան  Սայտա    քաղաքի «Այն Ալ Հըլուէ»  պաղեստինեան գաղթակայանի պաղեստինեան ուժերը լիբանանեան բանակի անվտանգութեան   եւ հետախուզական մարմիններուն յանձնած են Խալէտ Մըսատը, որ ծանօթ է Խալէտ Ալ Սայյէտ անունով:

Ըստ լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանին, Խալէտ Ալ Սայյէտի դէմ ահաբեկչական խմբաւորում  ղեկավարելու  մեղադրանք առաջադրուած է եւ  այդ յանցախումբը կը  պատրաստուէր   անցնող   յունիս  (Ռամատան) ամսուան ընթացքին Պէյրութի եւ Սայտայի մէջ կը ծրագրէր ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել:

Փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ահաբեկիչը ձերբակալելու եւ լիբանանեան իրաւասու մարմիներուն յանձնելու գործն իրականացուած է «Համաս»ի եւ «Ալ Անսար Ալ Իսլամի»ի նախաձեռնութեամբ, նպատակ ունենալով գաղթակայանի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանել: