image

Դեկտեմբերի Սկիզբէն Ի Վեր Թրքական Ուժեր PKK-ի 205 Զինեալներ Սպաննած Են

Դեկտեմբերի Սկիզբէն Ի Վեր Թրքական Ուժեր  PKK-ի 205 Զինեալներ Սպաննած  Են

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Թուրքիոյ գլխաւոր սպայակոյտի մարմինը յայտարարած է, որ 15 Դեկտեմբերէն  սկսեալ ընդհանուր PKK-ի 108  զինեալներ սպաննուած   են Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան կողմը:  Այս մասին կը տեղեկացնէ տեղեկացնէ «Սապահ»ը,   վկայակոչելով ռազմական աղբիւր մը:Թերթը կը նշէ, որ կազմակերպութիւնը կորուստներ ունեցած է Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան Շըրնաքի, Տիյարպէքիրի, Մարտինի եւ Պիթլիսի նահանգերուն մէջ, ուր գործողութիւնները տակաւին կը շարունակուին: «Սապահ» կը նշէ նաեւ, որ PKK-ի 139 անդամներ զոհուած են Շըրնաքի մարզի Ճիզրէի շրջանին մէջ եւ 33 անդամ՝ Տիյարպէքիրի Սուր շրջանին մէջ:Ըստ  աղբիւրին PKK-ի կողմէ Յուլիսի վերջերը վերսկսած զինեալ քարոզարշաւի պատճառով ,մինչեւ օրս աւելի քան 200 անվտանգութեան ուժերու ծառայողներ, ինչպէս նաեւ PKK-ի 1.700 անդամներ սպաննուած են: