Թուրքիա- Պոլսոյ «Քէմբ Արմէն»ի ուղղութեամբ դարձեալ յարձակում գործուած է: Այս մասին «Արեւելք» զրոյց մը ունեցաւ «Նոր Զարթօնք» շարժումի համախօսնակ Սայաթ Թէքիրին հետ: Թէքիր նշեց, որ երէկ երեկոյեան վեց անծանօթ մարդիկ փորձած են յարձակիլ «Քէմբ Արմէն»ին վրայ սակայն հանդիպելէ ետք հերթապահութիւն ընող տղոց դիմադրութեան հեռացած են: Թէքիր ըսաւ, որ թէեւ կատարուած գրոհը կազմակերպուած արարք մը չէր բայց եւ այնպէս ուղղակիօրէն կապ ունէր Պոլսոյ տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող HDP կուսակցութեան կեդրոններուն վրայ կատարուած յարձակումներուն հետ: Թէքիր նշեց, որ յարձակողները լուտանքներ հնչեցուցած են հայերու ու հայութեան հասցէին: Սայաթ Թէքիր աւարտին ըսաւ, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց սկսած պայքարը մինչեւ, որ «Քէմբ Արմէն» վերադարձուի իր իսկական տէրերուն: Նշենք, որ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին այս երկրորդ գրոհն է, որ կ'արձանագրուի «Քէմբ Արմէն»ին դէմ: