image

Դամասկոսը ամբողջութեամբ ազատագրուած

Դամասկոսը ամբողջութեամբ ազատագրուած

Սուրիական «Սանա» լարատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ կառավարական բանակն ամբողջութեամբ ազատագրած է Դամասկոսի հարաւային Հաճար Ասուատ շրջանը:

Ըստ տեղական ռզմական աղբիւրի, երէկ, օրուան ընթացքին քանի մը ժամով զինադադար յայտարարուած է, որպէսզի շրջանի բնակիչ կիները,  երեխաներն ու տարեց մարդիկ դուրս բերուին:

«Սանա»ի փոխանցմամբ, զինադադարի աւարտէն անմիջապէս ետք սուրիական օդուժը քանի մը իրերայաջորդ յարձակումներու ենթարկած է «Իսլամական Պետութիւն» ահանբեկչական խմբաւորման կեդրոնատեղիները, որ եւ պատճառ դարձած է վերջիններուս նահանջին, անկէ ետք ցամաքային զօրքերը ներխուժելով թաղերն ու շէնքերը ամբողջութեամբ իրենց տեիրապետութեան տակ առած են «Եարմուք» գաղթակայանը, որուն ազատագրմամբ ազատագրուած յատարարուած եւ նաեւ մայրաքաղաքի բոլոր արուարձանները: