Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն երեւալի դարձած հակառուսական մոլուցքը ոչ մէկ տեղ առաջնորդելու ուժ ունի: Աւելին՝ տարբեր առիթներով Մոսկուայի դէմ հնչած եւ մեծաւ մասամբ եղած անիմաստ մեղադրանքները կը վնասեն Հայաստանի անվտանգութեան: Փոքր ազգերու ինքնահաստատման ամէնէն հեշտ ճանապարհը իրենց ապրած ողբերգութիւնը այլոց վրայ բարդելն է՝ սխալները իրենցմէ դուրս հանելու համար: Ատելութեան եւ քէնի վրայ հիմնուած կեցուածքները կը ստիպեն, որ տուժող կողմը հեռանայ ընդհանուր խաղէն եւ աշխարհէն կտրուելով մեղադրական խօսքեր հնչեցնէ բոլորին, ընդ որում նաեւ «ռազմավարական դաշնակից» ճանչցուած կողմին հանդէպ: Անշուշտ, որ այս մօտեցումներուն հիմքը ղարաբաղեան հիմնախնդրի վերջին զարգացումներն են, ու այս առումով ինչքա՜ն հեշտ է մեղադրել Մոսկուան գետնի վրայ իրականացուած ազրպէյճանական սպասելի, բայց անակնկալ ստեղծած գրոհին առընթեր: Ռուսական զէնքին, Մոսկուայի «մեծ լռութեան» մասին խօսքերը մշտական ներկայութիւն դարձած են հայկական տարբեր շրջանակներուն համար: Մոսկուան հայկական կողմի գովքին կամ քծնանքին կարիքը չունի: Կայսրութեան օրէնքներով առաջնորդուող այս երկրին համար հիմնական շարժիչ ուժը տնտեսական շահերն են, ու այդ շահերուն կարեւորութիւնը հասկցողը միայն կը հասկնայ Քրէմլինի ընդհանուր մօտեցումները:
Մեր կողմէն եղածը մեղադրական եւ «քէն պահած» մարդու վարմունք է, որ աւելիով վնասաբեր պիտի դառնայ մեր ընդհանուր դրոյթին: Այս բոլորին մէջ հիմնական խօսքը հայ զինուորինն է, որ իր արեան գնով տապալեց, բոլոր սադրանքները եւ վաղն ալ պատրաստ է նոյնը ընելու: Հայ զինուորը իր արիւնով ամբողջ ազգը զինուոր դարձուց:
Մեր մօտեցումներուն մէջ կառուցողական ըլլալը, եղած դէպքերուն առջեւ Մոսկուայի հանդէպ քինախնդիր չըլլալը կարեւոր մօտեցումներ են՝ վերանորոգելու բնաջնջումէ փրկուած Արեւելեան Հայաստանի հիմքերուն մէջ եղող ռուսական կռուանը վերաժեւորելու համար: Եթէ Կովկասի մէջ Հայաստանը հիւսիսի կայսրութեան վերջին դարպասն է, ապա հարկ է վճռորոշ այս ժամանակներուն զգացական մօտեցումները մէկդի դնել: Ճիշդ է, որ ռազմավարական գործընկերութեան վրայ հիմնուած յարաբերութեանց մէջ զգացական զեղումները կարեւոր դեր չունին, բայց Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան առջեւ եղած տհաճ բեմադրութիւնները անտեղի են: Այդ «անհամ» վերագրումները կը խթանեն ընդհանուր մթնոլորտի ապականման:
Ի վերջոյ, ի՞նչ է մեր ուզածը Մոսկուայէն: Ի՞նչ տրամաբանութեամբ մենք կը դիտարկենք այդ կենսական կապին իմաստը: Եւ ամենակարեւորը՝ մինչեւ ե՞րբ պիտի մեղադրենք ռուսն ու թուրքը՝ մեր սեփական ողբերուն մէջ: Մեր մեղքերը քաւելու եւ մեր սլաքները ճիշդ թիրախին ուղղելու միակ միջոցը լուռ եւ հետեւողական աշխատանքն է:
Երեւանի մէջ հակառուսական հիսթէրիա աճեցնելը վնաս է մեր ողնաշարին: Մեծագոյն խնդիրը նաեւ մեր ինքնաճանաչման խնդիրն է: Երբ չենք ճանչնար մենք մեզ, կը փորձենք ատելավառ մօտեցումներով մեր գործած սխալներուն բեռը նետել մեր բարեկամին վրայ: Մեր մերձաւորը թուրքը չէ: Առնուազն ներկայ հանգրուանին Անգարա պատրաստ չէ, որեւէ զիջումի, ու ասոր ֆոնին անընդունելի է տատանումներու տանիլ գէթ վերջին 100 տարուան ընթացքին Մոսկուայի հետ ամուր հիմքերու վրայ եղած դաշինքը: