ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի աւելի քան 180 անդամէն բաղկացած երկկուսակցական խումբը Պետական Քարտուղար՝ Էնթընի Պլինքընին կոչ ըրած է ժողովրդավարութենէն աւելի ու աւելի հեռացող եւ հակաամերիկեան քաղաքականութիւն վարող Թուրքիոյ պարտադրել հետեւիլ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ դադրեցնել Անգարան սիրաշահելու քաղաքականութիւնը, կը հաղորդէ asbarez.com-ը։
Քոնկրէսականներու նամակին մէջ օրէնսդիրները պնդած են, որ Թուրքիոյ նախագահ՝ Էրտողան եւ անոր «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը իրենց իշխանութեան 20 տարիներու ընթացքին թուլցուցած են երկրի դատական համակարգը, քաղաքական դաշնակիցները հաստատած են առանցքային ռազմական եւ հետախուզական պաշտօններու մէջ, ճնշած են խօսքի ազատութիւնը, անարդարացիօրէն բանտարկած են քաղաքական ընդդիմախօսները, լրագրողները եւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները։
Նամակին մէջ նշուած է, որ 2016-էն ի վեր քաղաքական ընդդիմութիւնը ճնշելու համար բանտարկուած կամ կալանաւորուած է աւելի քան 80 000 թուրք քաղաքացի եւ փակուած է 1500-էն աւելի ոչ կառավարական կազմակերպութիւն։
Օրէնսդիրները նաեւ յիշեցուցած են, որ «նախագահ Էրտողանի կառավարութիւնը նոյնիսկ իր ոճը բերած է Ուաշինկթոնի փողոցները, երբ 2017 թուականին Էրտողանի՝ Միացեալ Նահանգներ կատարած այցի ժամանակ անվտանգութեան ծառայութեան թուրք աշխատակիցները յարձակած էին խաղաղ ցուցարարներուն եւ դաշնային ծառայողներուն վրայ»։
«Թէեւ մեր ընդհանուր շահերէն կը բխի, որ Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան մնան ռազմավարական դաշնակիցներ եւ մեր միջեւ հարթուին բոլոր տարաձայնութիւնները, մենք կը կարծենք, որ նախագահ Էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան պահուածքի փոփոխութիւնները կենսական նշանակութիւն ունին այդ յարաբերութիւնները վերականգնելու համար: Մենք յուսով ենք, որ Պետական Բաժանմունքը՝ ձեր ղեկավարութեամբ, եւ Պայտընի վարչակազմը, աւելի լայն առումով բարձրացնեն այդ երկրի մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան նահանջի խնդիրները»,- ըսուած է նամակին մէջ։