image
Հրատապ լուրեր:

«Չինաստանի առաջին փոխվարչապետին այցելութիւնը Հայաստան կը վկայէ հայ-չինական երկկողմանի համագործակցութեան բարձր մակարդակին մասին». Նախագահ Սարգսեան

«Չինաստանի առաջին փոխվարչապետին այցելութիւնը Հայաստան կը վկայէ հայ-չինական երկկողմանի համագործակցութեան բարձր մակարդակին մասին». Նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Չինաստանի պետական խորհուրդի առաջին փոխվարչապետ Չան Կաոլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութիւնը: Հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Չինաստանի առաջին փոխվարչապետին այցելութիւնը Հայաստան կը վկայէ հայ-չինական երկկողմանի համագործակցութեան բարձր մակարդակին եւ զանիկա ամրապնդելու փոխադարձ ցանկութեան մասին: Ան նաեւ նշած է, որ Չինաստանը Հայաստանի կարեւոր միջազգային գործընկերներէն է, շեշտելով, որ հայ-չինական բազմադարեան բարեկամական յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է:

Հայաստանի նախագահը եւ Չինաստանի առաջին փոխվարչապետը նշած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր հայ-չինական փոխադարձ գործակցութիւնը հետեւողականօրէն զարգացած եւ ընդլայնուած է` ներառելով քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլ մարզեր: Անոնք նաեւ շեշտած են, թէ հակառակ արտաքին տնտեսական ցնցումներուն, վերջին տարիներուն աշխուժ կերպով կը զարգանայ հայ-չինական տնտեսական համագործակցութիւնը: Միացեալ ծրագիրները, որոնք կ՛իրականացուին  արդիւնաբերութեան, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ, կարեւոր խթան են երկկողմանի յարաբերութիւնները որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու համար:

Կաոլին իր հերթին, կարեւոր նկատած է Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ առեւտրական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ Չինաստանի համագործակցութիւնը` նշելով, որ Հայաստանը իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւն կրնայ իր ներդրումը ունենալ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններու յառաջ մղումի գործին մէջ: