«Իրավիճակը հանգիստ է Պէրլինի մէջ, ու ապահովական մարմիններ իրենց բնականոն գործը կը կատարեն»,-«Արեւելք»ին ըսաւ Գերմանիոյ Հեսըն եւ Ռհայնլանտ-Փֆալց նահանգներու հայ համայնքերու հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան: Հայր Սուրբը, որ այս առաւօտ մասնակցած էր Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ եղած քննարկումներուն նշեց, թէ 150 հայեր կը մասնակցէին այսօրուան նիստին: «Մեզի համար ուրախալի էր այսօրուան որոշումը, որովհետեւ գերմանահայ գաղութը երկար տարիներ պայքարեցաւ այս որոշումին համար»: Վարդապետը նաեւ դիտել տուաւ, որ Գերմանիոյ մամուլը շատ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր իրադարձութիւններուն, եւ գերմանական երեք հիմնական կայաններ ուղիղ սփռումով կը ցուցադրէին խորհրդարանին այսօրուան նիստը: Պատասխանելով «Արեւելք»ի այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք Գերմանիոյ մէջ ապրող թուրքեր կը փորձեն հակազդել այսօրուան բանաձեւին, ան պատասխանեց. «Մինչեւ այս պահը, ոչ մէկ մտահոգիչ երեւոյթ կայ: Կրնայ պատահիլ, որ Գերմանիոյ մէջ եղող մեր խաչքարերուն դէմ կարգ մը «տաք գլուխներ» արարքներ կատարեն, բայց եւ այնպէս մինչեւ այս պահը ապահովական մարմինները լաւապէս կը կատարեն իրենց վրայ դրուած պարտականութիւնը: Հայր Իսախանեան, անդրադառնալով, երէկ Պէրլինի մէջ կատարուած ցոյցերուն, ուր երեւցած են նաեւ ազրպէյճանական դրօշակներ ըսաւ, թէ «երէկ տեղի ունեցած հակահայ ցոյցերը շատ նօսր էին եւ եթէ համեմատական մը ընենք Գերմանիոյ մէջ գործող թրքական միութիւններուն թիւին հետ, որ 557-ն է, ապա ցոյցերուն մասնակցութիւն բերողներուն թիւը, որ առաւելագոյնը 2500-ն էր, շատ թոյլ մասնակցութեան մը ցուցանիշն էր»: Ան նաեւ ըսաւ, որ այսօր վաղ է խօսիլ յառաջիկայ քայլերուն մասին, վստահեցնելով, որ իրենք պիտի շատրունակեն տարբեր ամպիոններու եւ մակարդակներու վրայ խօսիլ եւ լոյս սփռել այսօր արդէն, օրինական հիմք ունեցող Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին մասին: