image

Հոլանտացի գործիչին գրառումը զայրացուցած է թուրքերը

Հոլանտացի գործիչին գրառումը զայրացուցած է թուրքերը

 

Թուրքիոյ իշխանութեան շարք մը ներկայացուցիչներուն զայրացուցած է հակաիսլամական եւ ազգայնական հայեացքներով յայտնի հոլանտացի քաղաքական գործիչ, աջակողմեան «Ազատութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Կիիրթ Վիլտըրսի հերթական գրառումը իսլամի մասին։
Ան Twitter-ի էջին գրած էր. «Կեցուցէք իսլամը։ Կեցուցէք Ռամատանը։ Ազատութիւն։ Ոչ իսլամին»։
 Այս գրառման բացասաբար արձագանգած են Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP-ԱԶԿ) խօսնակ Օմեր Չելիքը եւ Թուրքիոյ կրօնական հարցերով վարչութեան նախարար Ալի Էրպաշը: