Գերմանիոյ Պունտեսթակին կողմէ հայկական բանաձեւին ընդունման առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ, որ կը կրէ «1915-ը ճանչնալով՝ Գերմանիա գրեց իր պատմութեան ամենէն գեղեցիկ էջերէն մէկը» խորագիրը, ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը՝ CCAF ողջունած է Պունտեսթակի որոշումը: CCAF, որոշումը ճակատագրական փուլ մը կը նկատէ ոչ միայն Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուող պայքարին, այլ նաեւ՝ ցեղասպանութեան համաշխարհայնօրէն ճանաչման, հայ ժողովուրդի արդարութեան եւ հատուցման պահանջներուն, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման տեսանկիւնէն: Խորհուրդը մասնաւորապէս կ՚ողջունէ նաեւ ծագումով թուրք գերման նոր սերունդը, յանձին՝ Ճէմ Էօզտէմիրը, որ խորհրդանշական դեր ունեցաւ այս նախաձեռնութեան մէջ: