Լիբանանի մէջ 30 օր առաջ ընթացք առած համաժողովրդային շարժումը կը շարունակուի։
Անցնող օրերուն շարժումը մտած էր «հանդարտ» փուլ մը, սակայն նախագահ Աունի խօսքէն ետք փողոցը դարձեալ կը բորբոքէր եւ այս անգամ լսելի կը դառնային ձայներ, որոնք կը պահանջէին նախագահ Աունի հրաժարականը։
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան դրութեան, ապա առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ երկրի բանակը կը փորձէ վերաբանալ փակուած ճանապարհները։
Նշենք, որ քաղաքական գետնի վրայ երէկ կարեւոր զարգացում մը գրանցուեցաւ, երբ լրատուական շրջանակներ սկսան տարածել Մոհամմատ Սաֆատիի անունը, որպէս վարչապետի հաւանական թեկնածուի գլխաւոր անուն: Լուրէն անմիջապէս ետք պարզ կը դառնար, որ համաժողովրդային բողոքի ալիքին մաս կազմողները կը մերժէին շրջանառութեան մէջ դրուած անունին թեկնածութիւնը, եւ մեծ թիւով երիտասարդներ բողոքի ցոյց կը կատարէին Սաֆատիի տան առջեւ։
Անշուշտ թեկնածուութեան վերաբերեալ տրուած տեղեկութիւնը նախնական էր եւ առաջիկայ ժամերուն աւելի յստակ պիտի դառնայ, թէ ինչ հունով պիտի զարգանան նոր կառավարութեան կազմութեան միտուած կարեւոր գործողութիւնները։
Պէյրութն ու շրջակայ քաղաքները համեմատաբար այսօր աւելի հանդարտ են, ու ցուցարարներու շրջանակներուն մօտ եւս երեւելի է սպասողական մթնոլորտ մը։