image
Հրատապ լուրեր:

Բանակցութիւնները չեղարկուեցան. Փաշինեան հանրահաւաքի մասնակցելու կոչ ըրաւ

Բանակցութիւնները չեղարկուեցան. Փաշինեան  հանրահաւաքի մասնակցելու կոչ ըրաւ

 Միօրեայ  դադարէ  ետք   վաղը  Երեւանի մէջ  դարձեալ  հանրահաւաք   պիտի կայացուի:  Այս մասին քիչ  առաջ  յայտարարեց ընդդիմադիր  առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը   կոչ ուղղելով իր   համակիրներուն    առաւօտեան  ժամը  11:00-ին    հրապարակ   գալ:

  Նշենք,  որ     աւելի  վաղ   եւ ըստ  «Թերթ.ամ» կայքին   չեղարկուած   էր  Փաշինեանի եւ  վարչապետի  պաշտօնակատար      Կարէն Կարապետեանի  միջեւ   սպասուած  բանակցային հանդիպումը:

 

Փաշինեան նաեւ ըսած է, թէ    առաւօտեան  բողոքի  հաւաքէն ետք երեկոյեան ժամը  17:00-ին     «Հանրապետութեան»  հրապարակին  վրայ    հանրահաւաք     պիտի   կայացուի: