image
Հրատապ լուրեր:

Բակօ Սահակեան այցելած է Պրիւքսէլի ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին

Բակօ Սահակեան այցելած է Պրիւքսէլի ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Պրիւքսէլ եւ հանդիպում ունեցած է տեղւոյն Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի եւ դեսպանութեան աշխատակիցներուն հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը: Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են եւրոպական տարբեր կառոյցներու մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխգործակցութեան առընչուող  հարցեր:

Բակօ Սահակեան անդրադարձած է կապերու ընդլայնման ու խորացման բաւարար հիմքերու գոյութեանը, շեշտելով, որ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի ջանքերու համալրումով, հնարաւոր կը դառնայ յաջողութեամբ պսակել որեւէ խնդիր: